2010-12-28 11:15:00

2010-Ը՝ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ
ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ ԳԻՍԱՒՈՐ ԱՍՏՂԸ` ՄԱՐԻ-ՀՐԱՆՈՒՇ ՖԵԼԵԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 75-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ (1875-1936 )։


Մարի-Հրանուշ Ֆելեկեանի կեանքը, կենցաղն ու արուեստը նման էր Գիսաւորներու, ահա թէ ինչո՛ւ, բազմաթիւ տիտղոսներու կարգին, զինք նաեւ Գիսաւոր Աստղ յորջորջեցին։
Հնարաւոր չէ խօսիլ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակի հայ թատրոնի պատմութեան մասին, առանց անդրադառնալու Մարի-Հրանուշ Ֆելեկեանի անձին եւ հայ թատրոնի ծաղկման ու վերելքին մէջ իր ունեցած մեծ աւանդին մասին։
Թատրոնը արուեստի այն ճիւղն է, ուր դերասանը հմտօրէն եւ գեղարուեստական եղանակով կեանքն ու աշխարհը հանդիսատեսին կը մատուցէ՝ թատերականացած կենդանի գործողութիւններու միջոցով։
Ըստ իր ժամանակակիցներուն, Մարի-Հրանուշի ներկայացումները ուշագրաւ էին իրենց կատարման վարպետութեամբ։ Իսկական արուեստաէտի վայել հմտութեան, իւրայատուկ տաղանդի, նիւթի ճիշդ ընտրութիւն կատարելու կարողութեան, երեւակայութեան, յիշողութեան, ջերմեռանդութեան, արտայայտչական վարպետութեան (ինչպիսի են՝ լաւ առոգանութիւնը, ձայնի հնչեղութեան բազմազանութիւնը, դիմախաղերը, շարժուձեւն ու բեմական ճկունութիւնը եւ այլն) շնորհիւ այս բոլորին ան նուաճեց հայ հանդիսականին սիրտը։
Մարի-Հրանուշի ներկայացումները գերազանցապէս կը շարժէին հանդիսատեսին զգացական աշխարհը, սակայն հոն առկայ էր նաեւ միտք եւ խորունկ տրամաբանութիւն։

Մարի-Հրանուշ Ֆելեկեան ծնած է 1875-ին, Պարսկաստան (Թեհրան), փոքր հասակէն, ծնողներուն հետ՝ հաստատուած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սկիւտարի Ճեմարանին մէջ, ապա յաճախած է տեղւոյն Հոմ սքուլը։

Այնուհետեւ պոլսահայ թատերասէրներուն եւ քրոջը՝` Վարդիթեր-Ռոզա Ֆելեկեանի հետ կը մասնակցի Ֆասուլեաճեանի թատրոնին, բեմ բարձրանալով՝ կը գրաւէ հասարակութեան ուշադրութիւնը այն աստիճան, որ հետագային Ալեքսանեանի թատերապտոյտներուն մասնակցելով՝ կը մեկնի Ռոտոսթօ եւ Պրուսա, ապա՝ Կովկասի զանազան քաղաքներ։
Իր կրակոտ խաղարկութեան համար կը կոչուի Հրանուշ՝ կրակի աղջիկ։
Հետագային Մարի-Հրանուշ Ֆելեկեան կը հրաւիրուի Պարսկաստան, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա։ Այս շրջանին տաղանդաւոր դերասանուհին կամուսնանայ պարսկահայ՝ Յարութիւն Մարութեանի հետ։
1913-ին հիւանդ մօրը փափաքին ընդառաջելով՝ կուգայ Պոլիս, ուր կունենայ իր միակ դուստրը՝ Իրմա-Գեղանուշը։ Ա. աշխարհամարտի եւ ամուսինին արկածահար մահուան պատճառով վերջնականապէս կը հաստատուի Պոլիս եւ քրոջը հետ կը ծառայէ պոլսահայ զանազան թատրոններուն։ 1922-էն ետք ընդմիշտ կը հրաժարի բեմէն։

14 տարի կ՝անցընէ տագնապներու, տուայտանքներու եւ տառապանքներու մէջ։ Իր միակ սփոփանքը կ՝ըլլայ իր սիրասուն աղջնակը, որ նոյնպէս ծափահարուած երգչուհի-դերասանուհի էր։ 1936-ի նոյեմբեր 24-ին Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ։ Դափնիներով պսակուած եւ յաւիտենականութեան գիրկը նետուած դիցուհիին մարմինը ամփոփուած է Պոլսոյ Շիշլի թաղի հայոց Գերեզմանատան դերասաններու թաղամասին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.